2013-09-09 13:21:34

Եազիժի Պատրիարքը` Պալամանտի Վանքին մէջ


Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը Պալամանտի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին ան ողջունեց Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթելու պապին կոչը:
Եազիժի պատրիարքը մաղթեց, որ աղօթքներուն ուժով կարելի ըլլայ շրջանը փրկել, ինչպէս նաեւ իրենք դառնան Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն հաստատող դերակատարներ:
Իր կարգին, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը աղօթեց Սուրիոյ խաղաղութեան համար` ընդգծելով, որ ուժի գործադրութեամբ խաղաղութիւն կարելի չէ կերտել:
Ան հաստատեց, որ այսօր կռուող կողմերը դատապարտուած են վաղը հաշտուելու, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ ուրիշը ջնջել եւ ճիշդ չէ, որ մէկը միւսը ջնջէ:
Մաթար եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին եւ Արեւմուտքին մարելու պատերազմի կրակը եւ խաղաղարար դերակատարութիւն ունենալու:








All the contents on this site are copyrighted ©.